24 Դեկտեմբերի, Երեքշաբթի, 2024
KFC

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ. Քրիստոսի Խաչեն իջնելուն և թաղման յիշատակաւ.

Ի՛նչ օր եղա այս օրս՝ յորում Քրիստոս Բանն Աստուած ﬔռաւ, աշխարհիս ստեղծողը՝ աշխարհ աւրողի պէս սպաննուեցաւ.

մէկ հատիկ անﬔղ ﬕածին որդին Մարիամու՝ թաղելու կը տանին իր ծաղիկ հասակին մէջ ﬔռած։

Ա՜խ, սուրբ Աստուածածին, աչքիդ առջև ﬔռած զաւակիդ ձեռուները գաﬔրէն հանելով՝ Խաչէն իջուցին, գիրկդ տուին:

Դու ալ ողջագուրելով կ’ողբայիր և կ’ըսէիր.

Վա՜խ, ո՛վ որդեակ, արդար, անարատ, ո’վ զքեզ այսպէս ըրաւ. վա՜խ իմ ﬕածին որդի, ի՞նչ ﬔղքիդ համար էր՝ որ զքեզ այսպիսի անարգական մահուամբ ﬔռուցին,

աւազակ մը չէիր տեսած՝ աւազակներու պէս զքեզ ողջ ողջ սպաննեցին, հիմա ալ թաղելու կը տանին:

Այս ողբալի ձայնդ լսելով, ո՛վ Մայր ցաւագին, իմ քարացեալ սիրտս ալ չդիմանար, կը յիշէ իր ըրած անօրէնութիւնը, ես ինձմէ կու գամ կը խոստովանիմ ﬔղքերս:

Եթէ կը փնտռես՝ թէ ով այսպէս ըրա, ես զիս ահա կը ցուցնեմ, ես կը խոստովանիմ իմ ըրած անգթութիւնս:

Իմ դատողութիւններս, իմ գէշ մտածմունքներս էին որ զՅիսուս փշով պսակեցին.

իմ մարﬓամոլութիւններս էին որ զՅիսուս ծեծել տուին. իմ գէշ խօսքերս, բամբասանքներս էին որ ծարաւած Յիսուսի լեղին խմցուցին.

իմ յանդգնութիւնս, կամաւորապէս ﬔղանչելներս էին որ Յիսուսին ձեռքերն ու ոտքերը Խաչին վրայ գավել տուին, հիմա թաղելու կը տանին:

Բայց այս ըրած անօրէնութիւններուս վրայ հիմա ցաւելով կը զղջամ. գիտեմ, կը ճանչնամ, որ ﬔծ ﬔղքեր ըրի զՅիսուս տանջելովս, և իրեն արիւնը թափելովս,

բայց նոյն արիւնն է՝ որ իմ սարսափելի ﬔղքերուս համար թողութիւն կը խնդրէ.

նոյն Յիսուսին ﬔռնիլն՝ ինծի կեանք կու տայ, կ’աղաղակէ.

«Ես այս ﬔղաւորիս տեղ կը ﬔռնիմ, կ’ըսէ, որպէս զի այս ﬔղաւորը յաւիտենական մահուանէ փրկուի, ինչպէս փրկեցի աւազակը»:

Օրհնեա՛լ ըլլայ անհուն գթութիւնն Յիսուսի՝ որ ինծի համար չարչարուեցաւ որպէս զի ես չի չարչարուիմ։

Գովեա՛լ ըլլայ անբաւ մարդասիրութիւն Յիսուսի, որ ﬔռաւ, որպէս զի ես չﬔռնիմ։

Փառաւորեա՛լ ըլլայ գթած սիրտն Յիսուսի, որ իմ թշնամութիւնս չյիշելով՝ իմ քովս կու գայ, իմ սրտիս մէջ շնորհքով կը բնակի, որպէս զի արքայութեան արժանի ըլլամ.

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ