22 Դեկտեմբերի, Կիրակի, 2024
KFC

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ. Քրիստոսի չարչարանաց յիշատակաւ

Ո՛վ ծայրագույն մարդասիրութիւն աստուածային, որ իմ ﬔղքերս վրադ առնելով՝ ﬔղաւորի պէս

մատնուեցար անօրէն Յուդայի ձեռքով՝ որ քու աշակերտդ էր, սիրտդ կսկծալէն՝ իր ﬔղքն իր երեսին զարնելով ըսիր.

«Յուդա, համբուրելո՞վ մատնես զորդի մարդոյ».

Ե՛ս եմ այն Յուդան, Տէ՛ր իմ, ե՛ս եմ՝ որ մէկտեղ սուրբ հաղորդութեան սեղանը նստելով,

ճաշակելով, սրբապղծութեամբս զիս սատանային՝ և իմ ﬔղքերուս ձեռքը կամաորապէս մատնեցի։

Աւազակի մը պէս բռնուելով, սուրերով, թուրերով, քաշկռտուելով դու ճշմարիտ Քաանայապետը՝

սուտ քահանայապետից առջև կեցար, արդար դատաւորդ՝ սուտ դատաւորէն

դատապարտուեցար, իմ աներեսունթիւնս, լրբութիւնս քաելու համար՝ սուրբ երեսովդ

ապտակուեցար և սիրտդ չդիմանալով՝ ապտակ զարնողին ողորմագին ձայնիւ ըսիր.

«Ընդէ՞ր հարկանես»:

Այս ողորմուկ ձայնդ ինծի է. վասն զի ես եմ, որ այսպէս լիրբ ըլլալովս՝ քու սուրբ պատուիրաններդ

ու սուրբ խորհուրդներդ արհամարհեցի՝ ոտքի տակ առնելով՝ իբր թէ քու երեսիդ զարկի։

Վա՜յ ինձ ﬔղաւորիս, իմ մարﬓոյս չարաչար ﬔղքերը սրբելու համար՝ բոլոր մարﬓովդ չարաչար

ձաղկուելով խոցուեցար, որով կուսածին մարﬕնդ արիւնլուայ եղաւ:

Գլխով, մտքով, աչքով ըրած ﬔղքերուս համար՝ փշով պսակուեցար, արիւններն աչուըներէդ կը վազէին՝ սրբող մը չկար:

Իմ զԱստուած անարգելուս համար՝ նախատական խօսքերով անարգուեցար:

Ճշմարիտ թագաւորդ թագաւորաց՝ սուտ թագաւորի պէս ծաղր եղար, եղէգով զարնուեցար:

Ո՛վ Հովիւ քաջ, դու որ այս ամէն չարչարանքները յանձն առիր` զիս մոլորեալ ոչխարս փրկելու

համար, այս սոսկալի քաշածներուդ արդիւնքը ﬕ՛ պարապ հաներ, Տէ՛ր իմ Յիսուս:

Իմ ըրած անօրէնութիւններս՝ ի՛նչ որ մանկութենէս ի վեր գործեցի՝ մարﬓով, հոգւով, քու սուրբ չարչարանքներովդ սրբէ՛:

Ի՛նչ որ անարժան մտածմունքով կամ հայեցուածովք Աստուծոյ դէմ գործեցի, զԱստուած անարգեցի, դուն քաւէ՛։

Եւ քու քաշածներուդ արդիւնքն իմ վրաս տպաւորէ՛. նախ տո՛ւր ինծի շնորհք մաքրութեան, որ

ասկից յետոյ սուրբ և մաքուր պահեմ իմ զգայարանքներս:

Ապտակողին հեզութեամբ պատասխանելուդ համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք հեզութեան.

բոլոր մարﬓով ծաղկուելուդ համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք ճգնութեան, սուրբ պահէ մարﬕնս ի մէջ փորձութեան:

Գլուխդ փշով պսակուելուն համար՝ տո՛ւր ինծի շնորհք բարի խորհրդեան, որ ﬕշտ բարին մտածեմ:

Նախատական խօսքեր լսելուդ համար՝ տո՛ւր շնորհք լեզուի մաքրութեան, որ սուրբ պահեմ

լեզուս, հոգիս և մարﬕնս, որպէս զի, սրբութեամբ ﬔռնելով, արքայութեանդ մէջ զքեզ տեսնելով,

հո՛ն քեզ շնորհակալութիւնս ընեմ այսչափ երկայնմտութեանդ ու մարդասիրութեանդ համար զքեզ օրհնելով յաւիտեան.

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ