23 Դեկտեմբերի, Երկուշաբթի, 2024
KFC

Երեսներորդ օր ﬔծ պահոց

Երկայնաﬕտ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս,

որ կերպ կերպ առակներով, ճամբաներով ինծի փրկութիւն սովրեցուցիր,

շատ բան սովորեցնելէն վերջ՝ իմ փրկուիլս ալ քու վրադ ձգեցիր.

հասկցնելով՝ թէ որչափ ալ աշխատիմ, ես զիս չեմ կրնար փրկել ﬕնչև որ դու,

Տէ՛ր, ձեռքէս չբռնես չօգնես, Քու օգնութեանդ ալ արժանի ըլլալու համար՝

ﬕﬕայն աղօթք ընելը սովրեցուցիր, անդադար աղօթելով,

այնչափ՝ որ զԱստուած ձանձրացնել, բայց ես չձանձրանամ,

ﬕնչև որ Աստուած իբր թէ բռնադատուած՝ փրկութեան շնորհք տայ ինծի:

Այսօր ահա, Տէ՛ր իմ, ցաւագին սրտիւ, անդադար ձայնիւ կ’աղաղակեմ.

«Դատ արա ինձ, Տէ՛ր յոսոխէ իմմէ», որ է ի մարﬕնս։

Սա ոսոխ մ’է, թշնաﬕ է, որ ներսի դիս է, իմ հետս է.

չեմ կրնար բաժնուիլ, և ﬕշտ զիս կը մոլորցընէ.

քու օգնութիւնդ ﬕայն կրնայ զիս ապրեցնել:

«Ապրեցո՛ զիս, Տէր, ի չար մարﬓոյս յայսմանէ»:

Ես որ հիմա այսպէս կաղաղակեմ, կ’աղօթեմ,

քիչ մը անցնելուն պէս կը ձանձրանամ աղօթքէ,

և ﬕտքս հազար ու մէկ տեղ կը ցրուի, աշխարհիս անցաւոր դատարկ բաները՝

իբր խիստ հարկաւոր բանի պէս՝ աղօթքի աﬔն ﬕտքս կու գան,

ինչ ընելու է, ինչ խօսելու եմ, ինչպէս արուեստ բանեցնելու եմ,

աղօթքի ատեն պայծառ ﬕտքս կը բերէ սատանան, անով անպտուղ պարապի

հանել կու տայ աղօթքս:

Դու, Տէ՛ր, որ վերէն երկնքէն կը տեսնես իմ այս կերպ աղօթելս,

խնայէ՛, խղճալով ողորմէ՛, տո՛ւր ինծի այսօր երրորդ աստիճան աղօթից՝

որ աղօթքի ատեն ﬕշտ ﬕտքս վրաս պահեմ, երկրաւոր մտածուﬓերը ձըգեմ,

երկնաւոր աստուածային բաներ մտածեմ,

կամ գոնէ ջանք ունենամ ﬕտքս վրաս ժողվելու, բարի բաներ մտածելու,

պարապ բաները դուրս հանելու.

ինչպէս որ դու, Տէ՛ր իմ, օրինակովդ սովրեցուցիր,

որ քաղքէն և մարդիկներէն հեռանալով՝ լեռը ելնելով՝ այնպէս կ’աղօթէիր:

Ամեն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ