Քսանևիններորդ օր ﬔծ պահոց
Օրհնեալ գովեալ ըլլայ անհուն ողորմութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս,
որ ինծի սիրտ տալու համար՝ աւետարանին խօսքերով զքեզ նմանցուցիր
անիրաւ դատաւորի մը, որպէս զի ես չդադրիմ աղօթելէ:
Արդ կ’աղաղակեմ առ քեզ.
«Դատ արա ինձ տէր յոսոխէ իմմէ», որ է սատանան:
Եթէ դու դատաւորդ չհալածես անոր փորձութիւնները, անոր ըրած անիրաւութիւնները,
ես չեմ կրնար ազատիլ, վասն զի ﬕշտ շուրջս կը պտըտի՝ հոգիս կորսնցնելու համար:
Գիտեմ, որ իմ աղաղակելս, իմ աղօթելս, անարժան է, վասն զի չեմ գիտեր աղօթելու կերպը,
ջերﬔռանդութիւն չկայ աղօթքիս մէջ, սրտէս չբղխիր, այլ չոր ցամաք, բերնէ թափուք,
համ չեմ առներ աղօթքէս:
Սատանան ալ յուսահատութիւն կը բերէ,
ﬕտքս ձգելով որ այսպիսի աղօթք Աստուծոյ ընդունելի չէ, պարապ է.
այսչափ տարի է՝ խնդիրքդ չկատարուիր, ի՛նչ շահ ունի աղօթելը:
Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, տո՛ւր ինծի այսօր երկրորդ աստիճան աղօթից,
որպէս զի որչափ որ սիրտս խիստ ըլլայ, քու շնորհքովդ ետ չկենամ.
ﬕշտ անդադար աղօթք ընեմ սրտանց ու խոնարհութեամբ,
ինչպէս որ դու սովրեցուցիր խօսքով, նաև օրինակովդ,
գիշերը ﬕնչև լոյս աղօթք ընելով Հօրն Ատուծոյ:
Ամեն: