15 Մայիսի, Հինգշաբթի, 2025
KFC

Քսանևհինգերորդ օր ﬔծ պահոց

Բժշկութիւն և զօրութիւն հոգւոց, Տէ՛ր իմ Յիսուս,

ﬔծապէս կը վախնամ, որ արդեօք թողութիւն կ’ըլլա՞յ իմ ծանր ﬔղացս,

այս վախէն՝ շփոթութիւն և յուսահատութիւն կը բերէ սատանան.

ուստի պաղութիւն կը զգամ խոստովանանքէն, և անհանգստութիւն մը:

Դո՛ւ, Տէ՛ր, կարող աﬔնայնի, նայէ՛ երկնքէն վրաս ողորﬔլով,

ﬕ՛ թողուր որ քու մոլորեալ ոչխարդ կորսուի,

այլ քու սուրբ արեանդ համար տո՛ւր ինծի այսօր յոյս մը՝ որով խոստովանիմ ﬔղքերս,

մանաւանդ ագահութեան, որ չափէն աւելի ապրուստիս վրայ հոգ տարեր եմ,

հոգևոր գործս՝ երկրորդական ընելով, իսկ մարﬓաւոր շահը՝ առաջին:

Ագահութեամբ՝ սիրտս աշխարհիս փարթամութեան տուեր եմ,

ﬔծութեան և զեղխութեան սէր ձգելով՝ փառաւոր երևնալ ցանկացեր եմ.

սիրտս շահած ստակիս կապեր եմ, չեմ կրցեր հարկաւոր բաներու գործածել.

ստակ դիզելու սէր մը ձգեր եմ ագահութեամբ, իբր թէ պաշտեր եմ:

Առուտուրի մէջ ալ անիրաւութիւն իրեր եմ,

կերպ կերպ ճամբաներով ինծի եմ քաշեր, խաբելով, գողութիւն և զրկում ընելով եղբօրս,

շատ աւելի գնով ծախելով, խարդախութիւն ընելով, գէշն աղէկի տեղ,

պակասն ամբողջի տեղ տալով:

Այսպէս գրեթէ կռապաշտ եղեր եմ Պօղոս առաքելոյն ըսածին պէս, արծաթը պաշտելով, հոգիս մատնելով։

Վա՛յ ինծի, եղեր է որ՝ այսպիսի խարդախ առուտուրի մէջ ալ սուտ երդում ըրեր եմ՝

քու սուրբ անուանդ վրայ, բան մը առնելու ծախելու ատեն՝

աւելի գին զրուցեր եմ, ես ինծի անցուցեր եմ, ուրիշին պարտքը չեմ վճարած։

Ո՜հ, ո՞րը յիշեմ, ո՞րը զրուցեմ. սակայն այսչափ զրուցելովս ընդունէ՛,

Տէ՛ր իմ, խոստովանութիւնս, թողութիւն ու շնորհք տուր, որ Զաքէոսին պէս ըսեմ.

«Թէ զոք զրկեցի, հատուցից չորեքկին»։

Ամեն:

KFC

Արխիվ

Մայիսի 2025
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031 
Ապրիլի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ