Բաց նամակ-կոչ երկու կաթողիկոսներին

Սուրիական հակամարտութեան արհաւիրքը կը շարունակուի վերջին երեք տարիներուն, խլելով նորանոր անմեղ զոհեր Հալէպէն, Դամասկոսէն, Քեսապէն եւ այլուր: Ի տես այս ահաբեկչութեան, կարելի չէ անտարբեր մնալ եւ ո’չ ալ նիւթական օժանդակութիւններով բաւարարուիլ: Քաղաքական մեծ դաշտին մէջ գոյութենական պայքար է որ կը մղէ հայութիւնը, որ տակաւին իր մորթին վրայ կը զգայ ցեղասպան Թուրքին անմարդկային արարաքներն ու սպաննութիւնները: […]