23 Դեկտեմբերի, Երկուշաբթի, 2024
KFC

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ. Քրիստոսի Խաչին վրայ բարձրանալույն յիշատակաւ

Ո՜վ անﬔղ արդարութիւն աստուածային, որ իմ ﬔղքերուս կ’ուզես վրէժխնդրութիւն ընել, իրաւամբ քեզ կը ցուցնեմ ﬕածնի Որդւոյդ Աստուծոյ այս պատկերը.

Տե՛ս թէ ո՛վ է որ կը բարձրանայ խաչին վըրայ:

Եթէ ես չեմ ճանչնար անոր ﬔծութիւնը, անոր անﬔղութիւնը, անոր անձը՝ թէ ո՛վ է, սակայն դու, Տէ՛ր, կը ճանչնաս ու կը գթաս:

Ահա ինծի համար է որ գաﬔրը ձեռքերուն մէջ խոթել տուաւ, ինծի համար՝ աւազակներու մէջ աւազակի մը տեղ դրուելով՝ խեղճ կերպարանաքով փայտին վրայ գամուեցաւ:

Այս բանիս՝ քարերը չեն դիմանար, կը պատռտին, արևը՝ երեսը կը գոցէ, լուսինը՝ կը խաւարի, քու հայրական սիրտդ ինչպէս պիտի դիմանայ, ով Հայր երկնաւոր:

Ինքն Յիսուս, ինծի համար խաչին վրայ բազկատարած՝ խղճալի ձայնիւ կաղաչէ.

«Հա՛յր, թո՛ղ սմա, զի ոչ գիտէ զի՛նչ գործէ»:

Հա՛յր, ես կը քաշեմ, կը զոհուիմ, ﬕայն թէ այս ﬔղաւոր հոգին չքաշէ, և ազատի:

Երբ Դաւիթ մարգարէին ձայնը լսեցիր թէ՝

«Զի՛ս զարկ, ժողովուրդը ﬕ՛ զարներ».

երբ Դաւթին անբան անասնոց զոհը տեսար՝ սիրտդ իջաւ, ժողովրդեան հարուածը դադրեցուցիր.

հիմա դու, Հա՛յր գթութեանց, ﬕածին Որդւոյդ այս ողորմուկ աղեկտուր ձայնը լսելով՝ ի՞նչպէս

պիտի չշարժիս, այս կենդանի զոհը տեսնելով՝ ի՞նչպէս պիտի չթողուս իմ ﬔղքերս, ինչպէս չիջնայ

քու բարկութիւնդ իմ վրայ՝ զոր իմ աններելի ﬔղքերովս շարժեցի։

Բայց ես այս խաչին տակ պըլլուած կը կենամ, կը փաթթուիմ ինչպէս ըրաւ Մարիամ

Մագդաղենացին, ուր որ ﬕածնիդ արիւնն իր խոցերէն ծովի պէս վրաս կը վազէ, այս անհուն օվկիանոսին արեան մէջ՝ ես զիս կը ձգեմ, կը լուացուիմ:

Քու սաստիկ արդարութիւնդ ալ տեսնելով զիս այս սուրբ արեանս մէջ թաթխուած, կատարեալ թողութիւն պիտի տայ իմ սոսկալի ﬔղքերուս.

վասն զի արիւնն Յիսուսի է՝ որ լւաց իմ աղտեղութիւնս, ներկեց իմ հոգիս ու մարﬕնս. վրաս

չերևնար ըրած ﬔղքերուս պղծութիւնը, այլ քու Որդւոյդ արեան գոյնը կ’երևնայ, որ զամէնն ալ ի գութ կը շարժէ:

Այսօր է թողութեան օրը, ո՛վ Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի քու տասն պատուիրանացդ դէմ գործած եօթն մահացու ﬔղքերս:

Այսօր է օր հաշտութեան, ո՛վ անհուն գթութիւն. ներէ՛, քաւէ՛ և հաշտուէ՛ ո՛վ Տէր արարիչ և փրկիչ, որ եկար զիս փրկելու, և անսուտ բերնովը ըսիր.

«Եւ ես յորժամ բարձրացայց յերկրէ, զաﬔնեսին ձգեցից առ իս»:

Այսօր ահա կը բարձրանաս խաչին վրայ, և բարձրանալովդ՝ բիւրաւոր կորսուած ﬔղաւորները

քեզ կը ձգես, կը փրկես. ես ալ անոնց մէկն եմ, զիս ալ քեզ ձգէ, քեզ քաշէ՛, վասն զի ես ալ քու արեամբդ գնուած ծառադ եմ:

Տո՛ւր այսօր շնորհք՝ որ ասկից վերջ ﬕշտ քեզ ծառայեմ, և արքայութեան մէջ զքեզ փառաւորեմք յաւիտեանս.

Ամէն։

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ