22 Նոյեմբերի, Ուրբաթ, 2024
KFC

Երրորդ օր ﬔծ պահոց

Խոնարհութեան օրինակ, Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, որ թող տուիր սատանային զքեզ առնել բերել Երուսաղէմ, տաճարին աշտարակին վրայ հանել, ուր սուրբ գրոց խօսքերով յանդգնեցաւ փորձութեան մէջ ձգել զքեզտեսնելով որ դուն սուրբ գրոց խօսքերով իրեն դէմ կը պատերազﬕս՝ ուզեց հպարտութեան ﬔղքի մէջ ձգել Ադամայ պէս, զԱստուած փորձել, պարապ տեղ հրաշք ընել ըսաւ փառաւորուելու համար:

Դու ինքն որ խոնարհութեան ճշմարիտ օրինակն ես, դարձեալ աստուածային սուրբ գրոց խօսքերով անոր խաբէութիւնները ցրուեցիր, ամօթ ըրիր.

Ադամայ փառասիրութեան ﬔղքը՝ որով դրախտէն դուրս ընկաւ, ասով քուեցիր:

Տո՛ւր ինծի ալ կ’աղաչեմ, շնորհք մը խոնարհութեան՝ որ հպարտութեան և փառասիրութեան ﬔղքերն իմ սրտէս հանեմ.

քանի որ սատանան ﬕտքս փորձութիւն ձգէ, աստուածաշունչ գրքին խօսքը ﬕշտ ﬕտքս բերեմք, բերանս առնումք, անով ﬔրժեմ, ցրուեմ սատանային բերած պիղծ և հպարտ խորհուրդները:

Այս ալ կ’աղաչեմ, քու զօրութիւնդ տպաւորես այն սուրբ գրոց խօսքերուն վրայ, զոր զուրցածիս պէս՝ սրտէս հալածուին ամէն փորձութեան շոշորդներ.

Ամէն։

KFC

Արխիվ

Նոյեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930 
Հոկտեմբերի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ