02 Մայիսի, Ուրբաթ, 2025
KFC

Չորրորդ օր ﬔծ պահոց

Աղքատութեան սիրող, Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, երրորդ փորձութիւն մ’ալ քաշեցիր ինծի համար սատանայի ձեռքէն, երբ քեզ տարաւ բարձր լերան վրայ,

ցցուց աշխարհիս ամէն թագաւորութիւնը, ու անոնց փառաւորութիւնը, և քեզ պարգևել խոստացաւ, եթէ իրեն երկրպագութիւն ընէիր:

Ինչպէս որ Ադամայ ﬕտքը պղտորեց ազատութեան ու աստուածանալու ﬔղքը ձգելով, որով դրախտէն դուրս հանեց, այնպէս ալ կարծեց որ քու մարդկութիւնդ ալ Աստուծոյ դէմ ﬔղքի մէջ կրնայ ձգել:

Իսկ դուն, Տէր, այն ատեն սաստելով հալածեցիր, Աստուծոյ պատուոյն դէմ այն չարին խօսիլն ալ չուզեցիր, ըսելով.

Աստուծոյ ﬕայն տալու է երկրպագութիւն. անով Ադամայ ﬔղքը՝ որ չարին լսելով Աստուծոյ փառքն իրեն ուզեց առնել և ազատ ըլլալ՝ ջնջեցիր, Աստուծոյ փառքը տեղը դրիր:

Ո՛վ Տէ՛ր իմ, իմ սրտէս ալ շատ անգամ կ’անցուն հարստութիւնը, փառքը, պատիւն ու ներսէս այն բաներուն բաղձանք բերել կու տայ.

ես չունիմ կարողութիւն այն չարին սաստելու, իմ ﬔղաւոր մարﬓոյս համար կը թուլնամ։

Դու, Տէ՛ր իմ, այն զօրութիւնն ինծի ալ տուր, որ չար սատանային ﬕտքերը շուտով վռնտեմ դուրս ձգեմ, ﬕայն Աստուծոյ ﬔծութիւնը, Աստուծոյ փառքն ուզեմ իմ ամէն գործերուս մէջ:

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Մայիսի 2025
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
   1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031 
Ապրիլի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ