ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ. Քրիստոսի Խաչին վրայ բարձրանալույն յիշատակաւ
Ո՜վ անﬔղ արդարութիւն աստուածային, որ իմ ﬔղքերուս կ’ուզես վրէժխնդրութիւն ընել, իրաւամբ քեզ կը ցուցնեմ ﬕածնի Որդւոյդ Աստուծոյ այս պատկերը. Տե՛ս թէ ո՛վ է որ կը բարձրանայ խաչին վըրայ: Եթէ ես չեմ ճանչնար անոր ﬔծութիւնը, անոր անﬔղութիւնը, անոր անձը՝ թէ ո՛վ է, սակայն դու, Տէ՛ր, կը ճանչնաս ու կը գթաս: Ահա ինծի համար է որ գաﬔրը […]