Երեսունևիններորդ օր ﬔծ պահոց
Դատաւո՛ր արդար, որ դատաստանդ աւարտելէ վերջ՝ ﬔղաւորներն արդարութեամբ տանջանքի պիտի ղրկես դժոխքին մէջ, ըսելով. «Երթայք յինէն անիծեալք ի հուրն յաւիտենական»: Սատանաներն ալ անոնց դահիճ պիտի դնես տանջելու։ Ա՜հ, ինչ տանջանք է ﬕայն սատանաներուն քով նստիլը, և ﬕայն ﬔղաւորներուն հետ ընկերութիւն ընելը. եթէ հոս ժանտ կռուարար հոգւոյ մը հետ չեմ կրնար նստիլ, որ ﬓաց դժոխքին մէջ, […]