23 Դեկտեմբերի, Երկուշաբթի, 2024
KFC

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ. Ոտնլուայի, և Հաղորդութեան աﬔնասուրբ խորհրդոյն յիշատակաւ

Ի՜նչ խոնարհութեան օրինակ էր, Տէ՛ր իմ, որ այսօր ﬔզ ցուցիր. դու ինքդ մաքրութիւն ըլլալով՝ յանձն առիր խոնարհիլ լուանալ մարդու ոտքը, որպէս զի դրսի աղտը լուանալով՝

հոգւոյն ներսի աղտն ալ լուանաս, որ մարդկային հպարտութիւնը ջնջես, խոնարհութիւն սովրեցնես:

Իմ հոգիս ալ աղտոտ է ահա եօթն մահացու ﬔղքերով. այսօր, Տէ՛ր իմ, իմ հոգիս ալ լուա՛, սրբէ՛:

Սիրտս լեցուած է հպարտութեամբ, ամբարտաւանութեամբ, չեմ կրնար զիջանիլ, ինծի անարգանք կը համարիմ՝ խոնարհիլ իմ եղբօրս:

Ե՛ս եմ ﬔղաւորը, իմ եղբայրս յանցաւոր կը համարիմ, կը հեռանամ իրմէ։

Ես եմ անարգանաց արժանի, իմ եղբայրս կ’անարգեմ, կը նախատեմ, կը դատեմ, կը բամբասեմ:

Ո՛վ անբուն խոնարհութիւն Աստուածորդւոյդ, ի՞նչ պատասխան պիտի տամ դատաստանին օրը, երբ քու այսօրուան ըրած խոնարհութիւնդ ցուցնես ինծի, և իմ հպարտութիւնս երեսիս զարնես,

որ ոչ թէ եղբօրս ոտքը չլուացի, այլ և ոչ գութ մը ցուցի. քեզմէ օրինակ չառի, սիրտս քար դարձուցի եղբօրս վրայ, զինք քամահրեցի:

Դո՛ւ, Տէ՛ր, այսօրուան ըրած խոնարհութիւնդ իմ սրտիս մէջ տպաւորէ որ փոխուի՛, քեզ նմանող ըլլամ:

Շատ շնորհքներ ըրեր էիր մարդուս. բայց ի՛նչ շնորհք, ի՛նչ հրաշագործութիւն, ի՛նչ պարգև էր, զոր ըրիր այսօր, Տէ՛ր իմ և Աստուած իմ:

Ինծի սքանչելի օրինակ խոնարհութեան տալէդ վերջ, ուրիշ ալ աւելի սքանչելիք մ’աւելցուցիր, որուն վրայ ամէն սուրբք և ամէն հրեշտակք կը զարմանան։

Դու որ սրբութիւնդ ես սրբոց, ուզեցիր իմ ﬔղքով լիցուած սրտիս մէջ նստիլ:

Դու որ ահաւորդ ես սերովբէից, ինծի հարկիք ուրախութեան ըրիր, մէկտեղ սեղանակից եղար, այն սեղանին վրայ՝ զիս սաստիկ սիրելէդ՝ դուն զքեզ մոռցար.

ինծմէ չբաժնուելու համար՝ իմ սրտիս կերակուր եղար. ուզեցիր իմ մարﬕնս քու մարﬓոյդ հետ, իմ արիւնս քու արեանդ հետ խառնել:

Ո՜վ իմաստութիւն անհուն, այն աստուածացուցիչ կարծուած պտուղը, զոր Ադամայ ատեն երկրաւոր դրախտին մէջ կը փափաքէի ճաշակել, բայց արգիլուած ըլլալով՝ ինծի մահ կը բերէր,

այսօր փոխեցիր և այս սեղանն երկնային դրախտ մ’ըրիր, և սքանչելի պտուղ ինծի ճաշակել տուիր՝ որ աստուածութեանդ հետ ﬕաւորիմ:

Փա՛ռք անբաւ իմաստութեան քո, Տէ՛ր, որուն վրայ կը զարմանան հրեշտակք, ուսկից կը դողան զուարթունք, ես զայն բերնովս կ’առնեմ, կը ճաշակեմ, սրտիս մէջ կ’ընդունիմ, մէկ կ’ըլլամ:

Ո՜վ սրբութիւն սրբոց, դուն որ զիս արժանի ըրիր այսպիսի ﬔծ պարգևի, սրբէ՛ հոգիս, մաքրէ՛ մարﬕնս, հեռացո՛ւր յուդայեան սատանաները, վռնտէ՛ ﬔղքերը, եկո՛ւր թագաւորէ՛ իմ սրտիս մէջ:

Սկից վերջ մէկը չիշխէ իմ վրաս՝ բայց դու ﬕայն, Տէ՛ր իմ, և Աստուած իմ. մէկտեղ նստինք շնորհօք, մէկտեղ սիրենք աստուածային սիրով:

Ասկից վերջ թող ﬕ՛ տար որ ﬔղք մը գոյանայ սրտիս մէջ.

Լուսաւորէ՛ հաւատքս, զօրացո՛ւր յոյսս, վառէ՛ սէրս, որ ﬕայն զքեզ փառաւորեմք, քեզ նմանիմք, որպէս զի անդին ալ դէմ յանդիման տեսնելով զքեզ հետդ ﬓամ յաւիտեան.

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ