22 Նոյեմբերի, Ուրբաթ, 2024
KFC

Քսանևչորրորդ օրը ﬔծ պահոց. Աղօթագիրք նոր աշխարհաբառ

Դարձուցիչ մոլորելոց, Տէ՛ր իմ, Յիսուս, սիրտս քարացուցեր է սատանան,

աﬔնևին զղջուﬕ չգար. որչափ ես կը ջանամ ցաւ զգալ, ա՛յնչափ ցաւս կը պակսի.

Կ’ուզեմ, որ լﬓցնեմ ելնեմ զղջումէ, պարապ ատեն անցունել մը կու գայ ինծի։

Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, դու որ Զաքէոսին սիրտը մէկ խօսքով զղջուﬕ բերիր,

և Պետրոս առաքեալը մէկ նայուածքով մը լացուցիր,

այսօր ապառաժ սիրտս կակղցո՛ւր, որ ﬔղքերուս աղտեղութիւնը տեսնելով՝

զղջամ, ցաիմ անոնց վրայ, մանաւանդ ծուլութեանս վրայ.

վասն զի ժամանակս պարապ անցուցի, և բնաւ չմտածեցի որ եթէ մահը յանկարծ վրայ հասնի՝

ի՛նչ պիտի ընեմ:

Եթէ դու ինծմէ համար ուզես, այսչափ տարի քեզ կեանք տուի,

ի՞նչ ըրիր ամէն աﬕս, ամէն օր, ես ի՞նչ պատասխան պիտի տամ,

ես՝ որ բոլորովին ծուլացեր եմ, ձգեր եմ հոգևորը, իբր թէ տէր մը, արարիչ մը չունիմ ծառայելու,

ինքնագլուխ իմ կամքիս ետևէն գացեր եմ, օր մը չէ եղած՝ որ քու ծառայութեանդ մէջ անցանեմք.

եթէ քու ծառայութիւնդ ալ ըրեր եմ, ուրիշ դիտաւորութիւններ խառներ եմ, ես ինծի ծառայեր եմ,

ես ուզեր եմ:

Այս ծուլութիւնը պատճառ եղեր է որ աղօթքներս ալ շատ անգամ ձգեմ.

կամ թէ ակամայ ըրեր եմ, արտորալով, բերնէ թափուք, անուշադիր,

ասդիս անդին նայելով, խելքս ուրիշ տեղեր ցրուելով.

այնպէս եղել է պատարագ տեսնել ալ:

Կիրակի օրերը՝ որ ալ աւելի պէտք էի քեզ ծառայել,

մանաւանդ այն օրն աելի ևս ծուլութիւն ըրեր եմ, պարապ անցուցեր եմ,

ակամայ պատարագ մը տեսեր եմ, քարոզ կամ հոգևոր խրատ լսելէ, հոգևոր գիրք մը կարդալէ՝

փախել եմ, մանաւանդ թէ կիրակի օրերն ալ աւելի ﬔղք ըրեր եմ։

Գործ ողորմութեան կրնայի ընել.

հիւանդներու, վշտացեալներու, բանտի մէջ եղողներու կրնայի ի տես երթալ, ﬗիթարել,

չեմ ըրած, անհոգ եմ եղեր, կարօտեալներուն ձեռքէս եկած ծառայութիւնը չեմ ըրած.

մանաւանդ աղքատաց ձեռքէս եկած ողորմութիւնը չեմ տուած,

այլ արհամարհելով ետև դարձուցեր եմ:

Դարձեալ, ինչ որ կը հետևի պարապ կենալէն՝ այն ﬔղքերուն մէջն ալ ընկեր եմ,

դատարկաբանութիւն ընել, ուրիշը ծաղրել, բամբասել, անցաւոր ունայն զուարճութեանց ետևէ իյնալ:

Եթէ համար ուզես իմ քանքարս բանեցնելու վրայօք,

ես ի՛նչ պատասխան պիտի տամ.

շատ լաւութիւններ կրնայի ընել ընկերացս և օտարաց՝ և չըրի,

ﬕայն այս զանցառութեան ﬔղքը զիս կը վախցնէ չըլլայ որ քանքարաթաքոյց ծառայի պէս

դատապարտուիմ:

Բայց, այսօր, Տէ՛ր իմ, կը ճանչնամ և կը խոստովանիմ իմ անօրէնութիւնս.

դու ևս ﬕ յիշեր, այլ ջնջէ՛, ո՛վ աղբիւր ողորմութեան,

Տէ՛ր իմ Յիսուս, տո՛ւր շնորհք՝ որ ﬓացած կեանքս պարապ չանցունեմ,

այլ արիութեամբ բարեգործութեան հետ ըլլամ:

Ամեն:

KFC

Արխիվ

Նոյեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930 
Հոկտեմբերի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ