24 Դեկտեմբերի, Երեքշաբթի, 2024
KFC

Երեսունևվեցերորդ օր ﬔծ պահոց

Դու, Տէ՛ր իմ Յիսուս, առաջ Երուասաղէﬕ ﬔղաւորներուն վա՛յ կարդացիր՝

որ արթննան ու ապաշխարհեն, յետոյ թագաւորի մը պէս եկար մը տար յԵրուսաղէմ քու քաղաքդ՝

ովսաննաներով, հասկցնելով ինծի, թէ իմ հոգիս ալ որ քու քաղաքդ է՝

սրբեմ ապաշխարհութեամբ, որպէս զի երբ գաս թագաւորի պէս՝ հոգիս ցնծալով ընդունի զքեզ:

Ա՜խ, Տէ՛ր իմ, այսօր այս խրատովդ հոգւոյս վրայ ﬔծ շնորհք մը տպաւորէ՛

որ ﬔռնելուս յիշատակը պայծառ յիշեմ, մանաւանդ երբ կիրքերու մէջ կ’ըլլամ:

Երբ բարկութեան կիրքս ելնէ, ցանկութեան կիրքս իշխէ, պարտութեան խորհուրդներս կը տիրեն՝

այն ատեն շուտ մը ﬕտքս բերեմ իմ ﬔռնիլս, որով իջնան այն կրքերը,

իմանայ հոգիս որչափ պարապ բան է՝ սրդողիլս, նեղանալս՝ ուզածս չըլլալուն համար:

Երբ մտածէ՝ որ իրա վաղուան օրը կը ﬓայ արդեօք աշխարհիս վրայ թէ չէ,

այն ատեն կը պահին աշխարհասիրութեան խորհուրդներն:

Երբ պայծառ տեսնէ՝ որ վաղն իր մարﬕնը դագաղին մէջ մտնելով՝ աﬔնքն ալ իրմէ կը փախչին,

հողին տակը կ’երթայ, որ այն ատեն հպարտութիւնը, փառասիրութիւնը՝

երբ իրաւ իմանամ որ ﬔռնելէս վերջ ոչ ոք զիս պիտի յիշէ, պիտի մոռցուիմ երթամ:

Այս բաներուս դեղ է ﬕշտ մաքուան յիշատակը, ինչպէս որ դու ալ յանձնեցիր, Տէ՛ր իմ.

«Եղերուք պատրաստք, զի յորում ժամու ոչ կարծիցէք, գայ որդի մարդոյ»:

Կ’աղաչեմ, ուրեﬓ, տո՛ւր ինծի այս շնորուքը՝ որ երբ կրքերս չարժին,

սատանան զիս փորձութեան մէջ ձգէ, շուտ մը յիշեմ մահս, անով զգաստանամ.

ես զիս արթնցնելով մաքրեմ, սրբեմ իմ սիրտս, տեղի և օթևան պատրաստեմ քու գալստեանդ,

որ զատկական սուրբ հաղորդութեան խորհրդով գաս նստիս իմ սիրտս,

շնորհքով թագաւորես յաւիտեան:

Եւ ապա մահուանս ատեն աստուածային փառաւոր գալստեանդ արժանի ըլլամ:

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ