13 Նոյեմբերի, Չորեքշաբթի, 2024
KFC

Քսանեօթներորդ օր ﬔծ պահոց

Սրբութեան սիրող Աստուա՛ծ իմ Յիսուս, բերանս չբացուիր խոստովանելու,

սատանան ինծի ամչնալ կը բերէ.

դու, Տէ՛ր, արիացո՛ւր զիս որ փոխանակ խոստովանելէն ամչնալու՝ ﬔղք ընելէ ամչնամ։

Դու որ չխոստովանածներս գիտես, ամէն ﬔղքերս տեսեր ես,

բայց այսօր բերանս՝ որպէս զի ինչ ﬔղք որ ըրեր և մարﬓովս քեզ դէմ,

խոնարհութեամբ խոստովանիմք, Տէ՛ր իմ Յիսուս:

Ինչ որ մտքովս գործեր եմ՝ անկարգ բաներ մտածելով,

ինչ որ աչքով ﬔղանչեր եմ՝ գէշ նայելով նաև հոգևոր և սուրբ տեղերու մէջ,

ինչ որ բերանովս՝ անկարգ առասպելական խօսքերով,

ցոփաբանութեամբ խօսեր եմ աշխարհասէրներու հետ,

կամ ծիծաղերես մտիկ ըրեր եմ անոնց ըսածներուն,

մանաւանդ պզտիկներու առջև ալ խօսելով՝ չար օրինակ ու գայթակղութիւն տուեր եմ։

Ուրեﬓ ինչ որ ասոնց նման ﬔղքեր գործեր եմ մանկութենէս ﬕնչև հիմա,

մտքով, աչքով, բերնով, ձեռքով, հինգ զգայարանքներով և բոլոր մարﬓովս,

հիմա ինկած առջևդ՝ զղջացեալ սրտով կը խոստովանիմ:

Դու, Տէ՛ր Յիսուս, իմ ապականեալ վէրքերս սրբէ՛, բորոտութիւնս բժշկէ՛,

ինչպէս որ ﬔղաւոր կինը ﬕայն ոտքդ իյնալով, արցունք թափելով՝

դուն իմացար անոր սրտանց խոստովանիլը, ու բերնով չզրուցած՝ իւր ամէն ﬔղքը թողուցիր։

Սյսօր ալ իմ այսչափ խոստովանելովս՝ ինչ ﬔղք որ ալ մոռցեր եմ կամ չեմ ճանչցեր՝

աﬔնուն թողութիւն տո՛ւր, ըսելով սուրբ բերնովդ:

«Թողեալ լիցին քեզ ﬔղք քո բազում»։

Եւ փոխանակ այն եօթն մահացու ﬔղքերուն՝ զորս ես գործեցի,

դու, Տէր, եօթն առաքինութիւն պարգևի ինծի այսօր, որ է

Խոնարհութիւն, Եղբայրսիրութիւն, Հեզութիւն, Արիութիւն, Աղքատսիրութիւն,

ժուժկալութիւն, և Սրբութիւն հոգւոյ և մարﬓոյ:

Աստուա՛ծ իմ, որ կը բանաս ականջդ զղջացեալ ﬔղաւորաց, կ’աղաչեմ,

այս խոստովանանքս որ այս շաբթուս մէջ ըրի,

տնտեսին հետևելով՝ խղճմտանացս հաշուին գիրքն այժմէն շտկել ուզեցի,

այնպէս ընդունէ՛ խոստովանանքս՝ իբր թէ մահուան ատենն ըրած ըլլայի.

եթէ այն ատեն հիւանդութեանս համար չկարենամ ընել,

այժմէն ընդունէ՛, ու պահէ՛ զիս որ դարձեալ չﬔղանչեմ:

Եւ քու այս շաբթու սուրբ ծոմապահութեանդ մէջ ի՛նչ փառաբանութիւն,

ի՛նչ ճգնութիւն, ի՛նչ աղօթք որ ըրիր առ Հայրն երկնաւոր,

Տէ՛ր իմ Յիսուս, յիշէ՛, և իմ խոստովանութեանս ուզղջմանս հետ խառնելով

Հօրն երկնաւորի ընծայէ՛, վասն զի ինծի համար ըրիր զանոնք,

ինծի մաքրութիւն, փրկութիւն հոգւոյս և մարﬓոյս՝ անոնք պիտի ըլլան յաւուրն

դատաստանի:

Ամեն:

KFC

Արխիվ

Նոյեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930 
Հոկտեմբերի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ