Մենք խոտ չենք
Ժամանակին մեր հայրերը կը մեռնէին հացի պակասէն: Տէր Զօրի մէջ ոչ թէ թուրքին յաթաղանն էր, որ սպաննեց հայերէն շատերը, այլ անոթութիւնը …: Այսօր, Փառք Աստուծոյ, հացի շատութիւն կայ, բայց այսօր մենք աւելի կը մեռնինք հացի շատութենէն, քան՝ պակասէն: Եւ ըսածս հարիւրէն հարիւր ճիշտ է, եթէ ինձ չհաւատաք, գացէք բժիշկներուն հարցուցէք: Եւ աւելորդ ծախսերը մէզ կը փճացնէն հոգեւորապէս նաեւ: Հաճոյքին ետեւեն վազողը ոչ երաժշտութենէ համ կառնէն, ոչ գրականութենէն համ կառնէ, ոչ արուստեն համ կառնէ…: Կեր, արբ, քեֆ ընե, պտտիր, հաճոյացիր, հետո՝ գնայ…:
Խո՞տ ենք:
Մենք խոտ չէնք, հոգի՛ ենք, հոգի:
Գարեգին Ա Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Հատուած քարոզից