Չորրորդ օր ﬔծ պահոց
Աղքատութեան սիրող, Տէ՛ր իմ, Յիսո՛ւս, երրորդ փորձութիւն մ’ալ քաշեցիր ինծի համար սատանայի ձեռքէն, երբ քեզ տարաւ բարձր լերան վրայ, ցցուց աշխարհիս ամէն թագաւորութիւնը, ու անոնց փառաւորութիւնը, և քեզ պարգևել խոստացաւ, եթէ իրեն երկրպագութիւն ընէիր: Ինչպէս որ Ադամայ ﬕտքը պղտորեց ազատութեան ու աստուածանալու ﬔղքը ձգելով, որով դրախտէն դուրս հանեց, այնպէս ալ կարծեց որ քու մարդկութիւնդ ալ […]