Երեսներորդ օր ﬔծ պահոց
Երկայնաﬕտ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, որ կերպ կերպ առակներով, ճամբաներով ինծի փրկութիւն սովրեցուցիր, շատ բան սովորեցնելէն վերջ՝ իմ փրկուիլս ալ քու վրադ ձգեցիր. հասկցնելով՝ թէ որչափ ալ աշխատիմ, ես զիս չեմ կրնար փրկել ﬕնչև որ դու, Տէ՛ր, ձեռքէս չբռնես չօգնես, Քու օգնութեանդ ալ արժանի ըլլալու համար՝ ﬕﬕայն աղօթք ընելը սովրեցուցիր, անդադար աղօթելով, այնչափ՝ որ զԱստուած […]