Երկրորդ օր ﬔծ պահոց
Մարդասէր Տէ՛ր իմ Յիսուս, այն առաջին փորձութեանդ համար զոր քաշեցիր, կատարէ՛ այսօր իմ աղաչանքս զոր քեզմէ կը խնդրեմ. յիշէ՛ երբ սատանան քեզ չճանչնալով քովդ գալու յանդգնեցաւ քեզ փորձութիւն բերելու Ադամայ պէս, ու անօթութեանդ համար ըսաւ՝ որ քարերը հաց դարձնես: Դուն զայն սուրբ գրոց խօսքով յանդիմանեցիր, ցուցնելով թէ հացի հոգը բան մը չէ, այլ ﬕայն Աստուծոյ […]