ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Քրիստոսի պարտիզին ﬔջ աղօթելուն յիշատակաւ. Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, այնչափ բարերարութիւններ, այնչափ բարի խրատներ և օրինակներ տալէն վերջ, այսօր ուզեցիր քու սուրբ չարչարանքներովդ զիս փրկել: Առաջ պարտիզի մը մէջ մտար աղօթելու, որ պարտիզի մէջ Ադամայ ըրած ﬔղքը քաւես ծնրադրութեամբ, խոնարհութեամբ աղօթք ըրիր, որ ոտքով ձեռքով Ադամայ ըրած պարտութեան ﬔղքը ջնջես, այն՝ որ ոտքով արգելեալ ծառին […]