Քսանևիններորդ օր ﬔծ պահոց
Օրհնեալ գովեալ ըլլայ անհուն ողորմութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի սիրտ տալու համար՝ աւետարանին խօսքերով զքեզ նմանցուցիր անիրաւ դատաւորի մը, որպէս զի ես չդադրիմ աղօթելէ: Արդ կ’աղաղակեմ առ քեզ. «Դատ արա ինձ տէր յոսոխէ իմմէ», որ է սատանան: Եթէ դու դատաւորդ չհալածես անոր փորձութիւնները, անոր ըրած անիրաւութիւնները, ես չեմ կրնար ազատիլ, վասն զի ﬕշտ շուրջս […]