Հալեպում կրկին աղետ է
Հալեպի հայալեզու «Գանձասար» պարբերականի Facebook-ի պաշտոնական էջը հայտարարություն է տարածել, որտեղ մասավորապես ասվում է.
«Հալէպ հերթականօրէն սկսաւ վառելանիւթ եւ պարեն հասնիլ։ Ջուրը հերթաբար հասանելի սկսաւ դառնալ քաղաքի համարեա՛ բոլոր թաղամասերուն, մինչ ելեկտրականութիւնը աւելի քան 16 օրէ ի վեր անհասանելի է՝ բախումներու հետեւանքով ելեկտրակայաններու վնասուած ըլլալուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նորոգիչ խմբակներու տուեալ կայաններ մուտքը արգիլելուն պատճառով։
Ապահովական առումով այսօր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պէնի Զէտ շրջանէն աւելի քան 70 հրթիռներ արձակեցին Հալէպի Սեպիլ, Նիլ եւ Սըրիէն ալ Ճատիտէ պողոտաներու խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, փուլ եկան բնակարաններ»։