26 Դեկտեմբերի, Հինգշաբթի, 2024
KFC

Հազար մեղայ քեզ Աստված, ամո˜թ

Ստորև Ձեզ ենք ներկայացնում Գարեգին Ա, Կաթողիկոսի «Անցյալը անցած չէ» գրքից

Հատված «Եօթը ողջոյն նահատակց եօթանասնամեկին»

«ՈՂՋՈՅՆ» քեզ – մեղա˜յ, հազա˜ր մեղայ քեզ Աստված – ի՞նչ ողջոյն, ԱՄՕ˜Թ  քեզ, Թուրքիա, որ կը շարունակես այպէս ժողովուրդին դեմ գործածադ մահափորձէն ետք, մահ տալ ճշմարտութեան, յամառօրէն եւ անպատկառօրէն  կ´ուրանաս կատարածդ վատահամբաւ գործը, որուն ահաւոր անգթութեան, անմարդկայնութեան այնքան քաջ ես ծանօթ, որ կը վախնաս անոր բացայայտեալ եւ բացայայտիչ դրսեւորումէն:

Հոն, ուր ձեռքդ հասնի, պատմական մեր հողերու քարերուն վրայ դրոշմուած արձանագրութիւններէն սկսյալ մինչեւ պետութիւններու արխիւներուն խալ- խալ ծալքերը, մինչեւ դիւանագիտական շրջանակներու գրասենեակները, մինչեւ Միացեալ Ազգերու Մարդկային Իրաւանց  Յանձնախումբի տեղեկագիրները, կը ջանաս ի սպառ ջնջել հետքերը ոճիրդ, որուն շուքն անգամ ամօթ կը պատճառէ քեզի:

Զուր է սակայն ջանքդ, ապարդի´ւն պիտի մնայ աշխատանքդ, որքան ալ նպաստաւոր ըլլան քեզի այս օրերու պայմաները աշխարհի դրուածքին եւ քաղաքական կեանքի պայմաններու դասաւորումին: Թշնամութեան ու վրէժի համար չէ, որ մենք պայծառ լոյսին կբանաք մութ էջերը մթաստեղծ ու կենսակործան ցեղասպանական արարքիդ:

Յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի, մենք այսօր կը բանանք մեր արդար դատի թղթածրարը ողջ աշխարհին, այսքան տարիներու անոր վրայ դիզուած մոռացութեան փոշիներէն դութս բերելով զայն: Կ´ուզենք ծառայել մարդկութեան եւ ըսել անոր, որ երբ ցեղասպանութիւն մը անտեսուի ու թույլատրուած մնայ, ուրիշ ցեղասպանութեանց դուռ կը բանայ…:

 Ինչո՞ւ այսպես կը տագնապիս` եթե չես գործած զայն…: Բայց կը հավատամ, կը զգամ, որ որքան հեռացնես զայն քեզմէ, այնքան աւելի պիտի մօտենայ քեզի, որովհետեև քու մէջդ է ան, բոյն դրած պատմութեանդ եւ ենթագիտակցութաենդ խաւերուն մէջ եւ չես կրնար բաժնուիլ անկէ, մինչեւ որ  հրապարակաւ չընդունիս զայն, խոսքի չնստիս անոր զոհերուն` մեր ժողովրդի զաւակներուն հետ եւ չմտածես   արդարութիւն հատուցանել անոնց, որոնց հայրերը իրենց կայնքը տուին այդ իրավունքէն չհրաժարվելնուն համար: Արթնացիր, զգոն դարձիր, որովհետև ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կրնան մի պահ լռեցնուիլ, բայց երբեք թաղուիլ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Անցյալը անցած չէ, Անթիլիաս, 1985

Աղբյուրը` magaghat.am

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ