25 Դեկտեմբերի, Հինգշաբթի, 2025
KFC

Թուրքիան կամ հարձակվողն է, կամ հարձակվողներին աջակցողը. Հայ Դատ

Կը դատապարտենք Քեսապի վրայ, Թուրքիոյ ճամբով, վերջին օրերուն կատարուած յարձակողական գործողութիւնները։ Ամիսներէ ի վեր, մենք կը զգուշացնէինք միջազգային համայնքը, թէ Սուրիոյ մէջ կռուող այս օտար ծայրայեղական կռուողներ կը ներկայացնեն մեծագոյն վտանգը Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան համար։

Հայաբնակ Քեսապ աւանի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ այս դաժան եւ չհրահրուած յարձակումներով նորագոյն օրինակն են այդ բռնութեան, որ գործօն կերպով կը քաջալերուի դրացի Թուրքիոյ կողմէ։ Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր պետութիւններուն, որոնք ազդեցութիւն ունին Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ, գործածելու իրենց տրամադրելի բոլոր միջոցները՝ Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ այս յարձակումներուն վերջ դնելու եւ թոյլ տալու անոնց՝ ապահով եւ անվտանգ վերադառնալու իրենց տուները։ 

Վերջին հարիւր տարուան մէջ, այս երրորդ անգամն է, որ հայութեան կը պարտադրուի հեռանալ Քեսապէն. երեք պարագաներուն ալ՝ Թուրքիան կամ յարձակողն է եւ կամ՝ յարձակողներուն աջակցողը։ Միաժամանակ, անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը զսպէ Թուրքիան, որպէսզի ան դադրեցնէ իր հակահայ այս եւ նման գործողութիւնները, եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու հայութեան դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդ23 մարտ 2014

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2025
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031    
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ