24 Դեկտեմբերի, Երեքշաբթի, 2024
KFC

Քառասներորդ օր ﬔծ պահոց

Պարգևատու բարեաց, Տէր և Աստուած, արդարներուն դատաստանը տեսնելէ վերջ՝ իրենց բարի

գործոց հաﬔմատ վարձք մը պիտի տաս՝ որ լեզուով չկրնար պատմուիլ, ըսելով:

«Եկայք օրհնեալք Հօր իմոյ, ժառանգեցէք զպատրաստեալ ձեզ զարքայութիւնն ի սկզբանէ աշխարհի»:

Այն արքայութիւնը՝ ուր ընկերութիւն է աﬔնայն սրբոց, ուր ամէնը բարի, ուր ամէնը մէկմէկու

խիստ սիրելի, մէկմէկէ գերազանց են, իսկ հրեշտակաց հետ նստիլը՝ որ բոլորովին հոգեղէն

գերագոյն ստեղծուած ըլլալով՝ ﬔզի չեն նմանիր:

Դաս դաս սերովբէներու քերովբէներու սուրբ Աստուածածնայ փառքը՝ եօթնարփեան լուսով

զարդարուած, քու մարդկութեանդ փառքը, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ամէն մէկ վէրքերիդ մէկմէկ լոյս պիտի ճառագայթէ:

Բայց աﬔնէն վեր, լոյս փառաց մը ծագելով ամէն սրբոց վրայ՝ այնպէս քու աստուածութեանդ

փառքը պիտի ցուցնես, որ խելքէ մտքէ դուրս է. հո՛ն տեսնելով զաﬔնասուրբ Երրորդութիւնդ.

Հայր, Որդի և Հոգին Սուրբ Աստուած՝ ամէն բարութիւն պիտի տեսնեն ու իմանան, ամէն

գեղեցկութիւն, զուարճութիւն, իմաստութիւն և զօրութիւն, և ﬕշտ տեսնելով պիտի զմայլին յաւիտեան։
Ա՜հ, երբ այս սուրբերուն փառքը կը յիշեմ, սիրտս վեր կ’ելնէ, կը ցանկամ արքայութիւն մտնել, բայց

երբ իմ ﬔղքերս կը յիշեմ, յայտնի կը տեսնեմ՝ որ դուրս պիտի ﬓամ:

Այս մտածելով՝ կ’այրիմ, կը տոչորիմ՝ իմ ըրած ﬔղքերուս վրայ. եթէ հիմա այսչափ կայրի, ուրեﬓ

ի՛նչ պիտի ըլլայ դատաստանին օրը, երբ տեսնեմ՝ որ յիրաւի կը բաժնեն զիս սուրբերուն մէջէն, կը

հեռացնեն Աստուծոյ տեսութենէն:

Այո, ո՛վ Աստուած ողորմութեան, դու որպէս գթած Հայր՝ յիշէ՛ քու ﬕածնիդ քառասուն օրուան

պահքը, և ա՛յլ ամէն չարչարանքները՝ որ իմ փրկութեանս համար քաշեց:

Յիշէ Սուրբ Աստուածածնին եօթը խոցը, որ ﬕածին որդւոյն հետ մէկտեղ քաշելով՝ այնչափ

կսկիծով ու խոցերով չարչարուեցաւ իմ ﬔղքերուս համար։

Ասոնց արդիւնքը յիշելով՝ այց այսօր վերէն երկնքէն, և արքայութեան այս յիշատակը ﬕշտ սրտիս

մէջ տպաւորէ, որ քանի ատեն ունիմ` լամ առջի ըրած ﬔղքերս Դաւիթ մարգարէին պէս, բընաւ

չձանձրանամ ապաշխարհելէ ու բարեգործութիւն ընելէ։

Այս կերպով քեզ հետ հաշտուիմ, և զատկական հաղորդութեան խորհրդով՝ անբաժան ﬓամ

աստուածութենէդ այս աշխարհիս մէջ, որպէս զի ﬔռնելու օրս՝ դատաստանին մէջ բարեկաﬕ

պէս լսեմ քեզմէ այն երանական ձայնը.

«Մո՜ւտ յուրախութիւն տեառն քո»:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ