17 Ապրիլի, Ուրբաթ, 2026
KFC

Մահացել է “Գոհար” համույթի ղեկավարը

“Գոհար” համույթը իր ֆեյսբուքի էջում տեղեկացրել է խմբի ղեկավար Սեպուհի Աբգարյանի մահվան մասին:

 “Յետ կարճատեւ հիւանդութեան եւ վաստակաշատ ու բեղմնաւոր կեանքի, ԳՈՀԱՐ Մեծ Ընտանիքին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ իր սիրելի աշակերտներուն ու բարեկամներուն ու երկրաւոր կեանքին հրաժեշտ տուաւ Սփիւռքահայ արուեստագէտներու եւ մանկավարժներու ամէնէն պայծառ եւ ինքնատիպ դէմքերէն մին՝ Մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանը։

Երեքշաբթի 5 Օգոստոս 2014-ի կանուխ ժամերուն, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ, այս աշխարհին իր աչքերը փակեց եւ հոգին երկնային արքայութեան աւանդեց Մարդ մը, որուն գիտակցական ամբողջ կեանքը եղաւ Գեղեցիկին, Վեհին ու Ազնիւին նուիրում մը, որ կէս դար ծառայեց Հայ Դպրոցին ու Արուեստին, անոնց զոհասեղանին կիզելով իր հոգին ու միտքը։
Սեպուհ Աբգարեանի անդարձ մեկնումը կը սգան ԳՈՀԱՐ Համոյթի մեկենաս՝ Խաչատուրեան ընտանիքն ու Համոյթի բոլոր անդամներն ու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան աշխարհատարած սան- սանուհիները։

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի”։

KFC

Արխիվ

Ապրիլի 2026
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Մարտի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ