26 Դեկտեմբերի, Հինգշաբթի, 2024
KFC

Կրոնական ժողովը ընդունեց Աթեշյանին պահելու թուրքական որոշումը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան տագնապին կապակցութեամբ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպման լոյսին տակ, Փետրուար 9ին, պատրիարքարանին մէջ նիստ մը գումարուեցաւ՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի հրաւէրով։

Անցեալ տարի, նոյն մարմինին կողմէ պատրիարքի տեղապահ ընտրուած Գարեգին արք. Պէքճեանը, նախքան նիստը, Սահակ սրբազանին բանաւոր յայտնած էր, թէ պիտի չմասնակցի հաւաքին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ տեղի տալ պետութեան պահանջներուն՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պահելով Արամ արք. Աթէշեանը, որովհետեւ՝ «Պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ եկեղեցւոյ եւ պետութեան համակամ ընթացքով»:

«Պետութեան կամքը յայտնուած է այն շեշտադրութեամբ, թէ 85րդ պատրիարքը ընտրելու պայմանները գոյացած չեն տակաւին, հետեւաբար տեղապահի մը ընտրութիւնը անհիմն կը նկատուի: Ուստի, Մեսրոպ պատրիարք հայրը կարելի չէ հանգստեան կոչելով՝ աթոռը թափուր հռչակել, ըստ օրինաց», նշուած է ժողովի զեկոյցին մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի. «Ժողովական հայրերը հարկաւոր նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագիրի պարունակութեան, վասն բարւոք ընթացման՝ ապագայի մէջ ցանկալի պատրիարքական ընտրութեան համար: Ժողովական հայրերը շեշտեցին նաեւ ի պատեհ ժամանակի պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը»:

Զեկոյցը կ՛աւարտի հետեւեալ տողերով. «Մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք, որ համայնքային մեր խաղաղութիւնը գերադասեն ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ ու մտածումներէ, եւ հեռու կենան վիրաւորիչ, պառակտիչ եւ արդէն իսկ փխրուն վիճակի մէջ գտնուող համայնքային խաղաղութիւնը խանգարող նախաձեռնութիւններէ ու արտայայտութիւններէ»:

Աղբյուրը՝ Ասբարեզ

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ