Պոլսո Հայոց պատրիարքը առաջարկներ է ներկայացրել Վեհափառին

Պոլսի Հայոց պատրիարքարանը ներկայացրել է Ավստրիայում կայացած եպիսկոպոսական հավաքի ժամանակ պատրիարք Սահակ Մաշալյանի ելույթը.
«Վիեննայի մէջ գումարուած անցեալ Եպիսկոպոսական Հաւաքի բացման նիստին նուիրապետական աթոռներու գահակալները վիտէո-պատգամներով մասնակցեցան եւ իրենց օրհնութեան խօսքը ուղղեցին ժողովական սրբազաններուն: Քանի որ հաւաքը արդէն խորհրդակցական ժողովի մը բնոյթ ստացած էր, Թուրքիոյ Հայոց Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր կարգին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը, ուր իր երկու առաջարկները կ’ուղղէր ժողովական հայրերու եւ Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան: Պատրիարք Հայրը ունի որոշ ախտանշումներ ներկայ անել վիճակին վերաբերեալ եւ իր կարծիքը այս ճգնաժամէն դուրս գալու: Սինոդականութիւն մը ստեղծել Մայր Աթոռի եւ Վեհափառ Հայրապետի դիրքերը ամրացնելու ուղղութեամբ եւ ճշդել թուական մը Ազգային Եկեղեցական Ժողովի գումարման համար: Հետեւեալ խօսքերը ուղղուած էին Ժողովական եպիսկոպոս հայրերուն որպէս ներքին նիւթ խորհրդակցութեան: Ընկերային ցանցերու մէջ մասնակի շրջարկութիւնը խափանելու նպատակով կը հրապարակենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսակցութեան ամբողջութիւնը: ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՀԱՒԱՔԻՆ
Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց
Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Նորին Ամենապատոուութիւն Տ. Նուրհան Սրբազան Պատրիարք Հայոց Սրբոյ Երուսաղէմի,
Գերաշնորհ Սրբազան Եղբայրներ,
Վիեննայի Եպիսկոպոսաց հաւաքի առիթով կ’ողջունեմ ձեր ներկայութիւնը, օրհնութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ տեղի ունենալիք յառաջիկայ նիստերու ընթացքին:
Մայր Աթոռէն դուրս, արտասահման կատարուած այս ժողովը ինքնին կը մատնանշէ խնդիր մը, որ գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը յուզէ ու կը խռովէ հայ աշխարհը սկիզբ առնելով Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Մայր Աթոռի առճակատումէն: Այս ժողովը որ նախատեսուած էր որպէս Եպիսկոպոսաց Ժողով, դժբախտաբար Հայաստանի եպիսկոպոսներու, Վեհափառ Հայրապետի եւ պատրիարքներու ներկայ չըլլալու պատճառաւ բնականաբար վերածուած է եպիսկոպոսներու հաւաքի մը, խորհրդակցական ժողովի մը: Սակայն ասիկա արգելք չէ որ այս ժողովէն ալ հեղինակաւոր ձայն բարձրանայ ներկայ իրավիճակներու վերաբերեալ:
Մենք, Պոլսոյ Պատրիարք, առաջին օրէն սկսեալ այս անբաղձալի վիճակը տեսանք որպէս Հայաստանի ներքաղաքական պրկումներու եւ մօտեցող քաղաքական ընտրութիւններու իբր արձագանգ: Սփիւռքէն շատ աւելի յստակ երեւցող այս հակակաթողիկոսական քաղաքական արշաւին դէմ սփիւռքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներով միասին մենք եւս եկեղեցական միութեան եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեցինք Նորին Սրբութիւն Վեհափառ Հայրապետին: Այսպիսի ճգնաժամային եւ ալեկոծային վիճակներուն ամենէն կարեւորը սեպեցինք եկեղեցական կարգապահութիւնը ապահովել նուիրապետական շարքերէն ներս առանց մատնուելու խուճապի՝ պահելով պաղարիւնութիւնը: Մասնաւորապէս Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դիրքի եւ անձեռնմխելիութիւնը պաշտպանեցինք մինչեւ որ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը յստականայ քաղաքական ընտրութիւններու որոշումով: Իսկ Կաթողիկոսի կարգավիճակը վերաճշդելու միակ անառարկելի համաեկեղեցական կառոյց ըլլալով մատնանշեցինք Ազգային Եկեղեցական Ժողովը:
Խնդիրը լուրջ է եւ հետզհետէ աւելի կը խորանայ: Ընդդիմադիր քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ հանդէս կու գան եւ անոնցմէ ոմանք կարգալոյծ ըլլալով հանդերձ կը շարունակեն իրենց պաշտօնները պետական նեցուկով: Կալանաւորուած եպիսկոպոսներ ունինք աքթիւ քաղաքականութիւն վարելու պատճառաբանութեամբ: Այս բոլորին դիմաց մենք սփիւռքահայերս մեծաւ մասամբ դիտորդի դիրքին մատնուած ենք եւ շփոթած: Հայ ազգի երկու սրբութիւնները՝ Եկեղեցին եւ Պետութիւնը, որոնք ուխտ ունին միասին ընթանալու հայոց պատմութեան ուղիներու վրայ՝ ազգին լաւագոյնը տալու նպատակով. իրար մաշեցնելու եւ տկարացնելու արարքներ կը ցուցաբերեն այսօր: Երկկողմանի գրգռիչ արարքներ եւ արտայայտութիւններ խրամատները կ’ընդլայնեն եւ յարաբերութիւնները ալ աւելի անել վիճակի կը մատնեն: Մայր Աթոռը ամենէն շատ այս օրերուն պէտք ունի երկնային իմաստութեան:
Մենք ունինք համեստ մեր կարծիքը, միջին լուծում մը, կը փափաքէի բաժնել այս պատկառելի ժողովին եւ յանձնել Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան: Վստահաբար նոյն գաղափարները արդէն պիտի հնչեն այս հաւաքոյթի ընթացքին:
Այս խառնաշփոթ շրջանին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը դժբախտաբար հեղինակազրկուած է այլեւս եւ հապճեպով եւ ջղագրգռութեամբ առնուած որոշումներով պատճառ կը դառնայ որ հակամարտութիւնը հետզհետէ խորանայ եւ թնճուկային վիճակ ստանայ: Այսպէս էր Գէորգ Սրբազանին կարգալուծութեան որոշումը: Պատշաճը համբերելն էր այս եպիսկոպոսներու ժողովին եւ հոն ձեռք առնուէր Գէորգ եւ միւս ընդդիմադիր սրբազաններու վիճակը: Վեհափառ Հայրապետը կարիքն ունի այս շրջանին իրեն պաղարիւնութիւն եւ խոհեմութիւն ներշնչելիք հեղինակաւոր ժողովականութեան մը, որ է սինոդականութիւն՝ իր կազմին ներգրաւելով նաեւ որոշ ընդդիմադիր եղբայրները: Այս սինոդական դրոյթը կրնայ գետին պատրաստել կառավարութեան հետ ելքի լուծումներ որոնելու եւ գտնելու ուղղութեամբ: Վեհափառ Հայրապետին միշտ միտքը եղած է այսպիսի կառոյց մը հիմնել, անձնապէս գիտեմ, բայց երբեք կեանքի չէ կոչուած այս գաղափարը:
Ասիկա առիթ մըն է որ այս Եպիսկոպոսական Ժողովը ընտրէ տասներկու աւագ եպիսկոպոսներ որպէսզի այս շրջանին Մայր Աթոռի կառավարման գործին նեցուկ կանգնին Վեհափառ Տիրոջ:
Եթէ Մայր Աթոռը չստանձնէ այս վարչական բարեփոխութիւնը, կը վախնամ ներկայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կազմով Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը անբաղձալի կերպով պիտի տկարանայ: Իշխանութիւններու հետ հաշտութեան եւ անցումային շրջանի համար մինչեւ Ազգային Եկեղեցական Ժողովի գումարումը սինոդականութիւնը կրնայ հանդիսանալ անցումային լուծում մը:
Իսկ երկրորդ առաջարկս պիտի լինի Եպիսկոպոսներու այս Ժողովը լաւ կ’ըլլար որ ճշդէր այլեւս անհրաժեշտութիւն դարձած Ազգային Եկեղեցական Ժողովի համար թուական մը եւ կարգադիր յանձնախումբ մը: Ասիկա որոշ կիրքերու հանդարտացման պատճառ կրնայ դառնալ:
Վեհափառ Հայրապետին համբերութիւն, մտքի եւ սրտի անդորրութիւն կը մաղթեմ: Ինչ որ մեր եկեղեցիին օգտին է այսպիսի ժողովներուն արտայայտուած հաւաքական միտքը շատ թանկագին է խնդիրներ վերլուծելու եւ լուծումներ հայթայթելու տեսակէտէն: Վստահ ըլլալով որ այս եպիսկոպոսական հաւաքն ալ այսպիսի օրհնաբեր արդիւնքներու ծնունդ պիտի տայ:
Բարի գործոց յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, բարի աշխատանք ձեր բոլորին»:










































