Օդը լեցուն էր հեծկլտանքի, հառաչանքի և լացի աղիողորմ ճիչերով

Հայկ Արամյանի պատմությունը
Ադանա
Հայկ Արամյանն Ադանայի լիցեյում պաշտոնավարել է որպես լեզվագետ և երաժշտության ուսուցիչ: Երբ սկսվել են հայերի ջարդերը, Ադանայի կուսակալության կրթական տեսուչն առաջարկում է նրան կրոնափոխ լինել և թրքանալ՝ այդպիսով խուսափելով հալածանքներից: Սակայն Հայկը հրաժարվում է և միանում գաղթական հայերի քարավանին: Ընթացքում պաշտոնի անցնելով գերմանացիների մոտ՝ Հայկ Արամյանն իր աչքով է տեսնում Հալեպից մինչև Եփրատ հայ տարագիրների կրած դաժան տանջանքները, գրում է armeniangenocide100.org-ը:
Հայկ Արամեան 1906-էն ի վեր Մեզիրէի, Խարբերդի եւ Ծովքի մէջ ուսուցչութիւն կ՚ըներ: 1914-ին, երբ մօտաւորապէս քսան տարեկան էր, Ատանայի Լիսէին մէջ պաշտօն կը ստանայ իբր լեզուագէտ եւ երաժիշտ ուսուցիչ:
Հայկ Արամեան 14 Մարտ 1914-ին ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Ատանա։
Վերադառնալով Ատանա, Հայկ Ատանայի Լիսէին մէջ իր պաշտօնին գլուխը կ՚անցնի։ Լիսէի նոր տնօրէն կարգուած էր Համտի պէյ, որ Հայկի հանդէպ համակրութիւն ցոյց կու տայ։ Արամեան ուրիշ կարգ մը հաստատաթիւններու մէջ ալ կ՚աշխատի իբր գերմաներէնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ։ Կուսակալ Իսմայիլ Հագգըի 10-12 տարեկան աղջկան դաշնամուրի ուսուցիչն ալ կ՚ըլլայ:
1915-ի Ապրիլին արդէն ծանր դէպքերը իրենց շուքը կը տարածեն։ Ատանայի մէջ` բռնագաղթուած հայոց առաջին կարաւանները կը նշմարուին։ Ատանայի մէջ հայկական եկեղեցիներ կը կողոպտուին։
Ատանայի կուսակալութեան կրթական տեսուչ Մուհամմէտ Շիւքրիւ պէյ Հայկին կ՚ուղղէ նամակ մը, որուն մէջ կրօնափոխութեան եւ թրքանալու առաջարկ կ՚ընէ անոր։ Ատանայի հայերն ալ կը բռնագաղթեցուին։ Հայկ տարագրեալներու կարաւանին մէջն է։ Անոր կ՚ընկերանայ պաշտօնակիցը՝ ուսուցիչ Հրանդ Սարըեանը։ Քանի մը հարուստ հայեր կը թրքանան։ Կիներէն ոմանք, այդ ստիպողական պարագաներուն տակ, իրենց աղջիկներն ու մանչերը զիրենք հալածող թուրքերուն կը յանձնեն։
Հայկի կարաւանը հազիւ 3-4 ժամուսւյ ճամբայ կտրած էր, երբ ձիաւոր աւազակներ զիրենք կը կողոպտեն։ Հրոսակները արեւելեան մեծ շալ մը գետին փռելով, տարագիրներուն կը հրամայեն անոր վրայ թափել ունեցած դրամն ու զարդեղէնը։ Իրենց կեանքը ազատելու համար, բոլորն ալ իրենց ունեցածը կու տան։ Այդ օրը ուշ ատեն Օսմանիէ կը հասնին։ Կարաւանը մօտաւորապէս 30,000 հոգի կը հաշուէր։ Թուրք փերեզակներ հոն սուղ գիներով ուտեստեղէն կը վաճառեն տարագրեալներուն։ Հայկ յանկարծ Ատանայի կուսակալը՝ Իսմայիլ Հագգըն կը տեսնէ։ Վերջինս իրեն խորհուրդ կու տայ ապահով Հալէպ հասնիլ։ Տակաւին չլուսցած, գաղթականներուն կը հրամայուի գրոհել Ամանոսի բարձունքները եւ տաժանելի վերելքներ բարձրանալ։ Քանի~ քանիներ, ուժասպառ, ետ կը մնան։ Յոգնաբեկ մայրիկներ, ստիպուած, իրենց գաւակներէն մէկ-երկուքը ետեւնին կը թողուն։ Օդը լացի, հեծկլտուքի եւ հառաչանքի աղիողորմ ճիչերով կը լեցուի։ Թուրք ոստիկանները հետզհետէ աւելի ոխերիմ, աւելի սպառնական կը դաոնան եւ կը սկսին կողոպտել զիրենք։ Գիշեր մը Հասան Պէյլիի ախոռ-տուներու մէջ կ՚անցընեն։
Բիրերով, գւաազաններով եւ հրացանի կոթերով ծեծուածներէն ոմանք ճամբան եզերքը կիսամեռ վիճակի մէջ ինկած էին։ Իրենցմէ առաջ տարագրուածներուն հետքերը ասդին-անդին դեռ կը մնային։ Քանի մը օր ետք կարաւանը Իսլահիէէն անդին Մէյտան էքպէզ երկաթուղային կայարանը կը հասնի։ Հոն Քսանթոփուլոս անունով յոյն վաճառական մը Հայկի եւ Հրանդի կը թելադրէ Հալէպ չերթալ, որովհետեւ խստիւ արգիլուած էր քաղաքը մտնել, եւ թուրքերը զանոնք դէպի անապատ պիտի քշէին։ Այս յոյնը անոնց կը խոստանայ գործ հայթայթել։ Գիշերը բեռնատար կառքի մը անկիւնը կանցընեն։
Հետեւեալ օրը Քսանթոփուլոս զիրենք գերմանացի երկու արուեստագէտ-երկրաչափներու՝ էրլէրի եւ Նորտաուէրի կը ծանօթացնէ։ Հրանդը Նորտաուէրի մօտ կ՚աշխատի, իսկ Հայկը՝ էրլէրի:
էրլէր Հայկը Իսլահիէ կայարանը կը տանի, խրատ տալով, որ ան սորվի հեռագրատան պաշտօնեայ ըլլալ։ Շատ հայեր անոր խնդրագիր կը ներկայացնեն իրենց կեանքի ապահովութեան առնչութեամբ։ Հայկ գերմանացի էրլէրի գրագիրն ըլլալով, շատ հայեր կ՚ազատէ անապատ երթալէ եւ զանոնք իր մօտը կը պահէ։ Ան գրեթէ ամէն օր հայ աքսորեալներու անվերջանալի կարաւանները կը տեսնէր զարհուրած աչքերով։
Արամեան իրեն ծանօթ խարբերդցի երիտասարդ Լեւոն Մազմանեանի ալ գործ կը ճարէ։ Աբրահամ Շըվէրթֆինկէր անունով ռումանացի ազնիւ ու մարդասէր մարդ մըն ալ կար գործին մէջ։ Ան աքսորեալներու շարքէն շատ հայեր կ՚ազատէ անոնց գործ հայթայթելով մթերանոցին մէջ։ Անոր տիկինը օր մը նոյնիսկ թուրք ոստիկանի մը երեսին կը թքնէ եւ կ՚ապտակէ ներկաներուն առջեւ. երբ կ՚իմանայ որ ան բազմաթիւ հայ կոյսեր պղծած եւ բռնաբարած է։
Հայկ Շըվէրթֆինկէրէն կ՚իմանայ, որ գերմանացի մարդասէր եւ ազնիւ երկրաչափ Վինքլէրը լեզուագէտ գրագիրի մը պէտք ունի։ Էրլէրի թելադրանքով եւ օգնութեամբ Հայկ նամակով մը Վինքլէրի կը դիմէ։
Վերջինս իրեն յարմար պաշտօն մը կու տայ։ Արամեան, որ հոն անունը վախելով դարձած էր Ժորժ Փանոս, իրենց օգնական Քեամիլի (Լեւոն Մազմանեան) հետ ճամբայ կ՚ելլէ դէւզի Քելլէր՝ զուիցերիացի Ֆրից Սիկրէսթ անունով երկրաչափին մօտ։ Յաջորդ օրն իսկ Հայկը գործի կը սկսի։ Հայկ Արամեան հոն երկու ուրիշ գերմանացի երկրաչափներու կը ծանօթանայ։ Անոնք հայերը կը սիրէին եւ տեսնելով անոնց թշուառութիւնը, իրենց զինուորական իշխանութեանց մօտ կը միջնորդէին։
Հայկի կէս տարուան Քելլէրի կեանքը հետաքրքրական եւ վտանգներով լեցուն դրուագներ ունի։
1916-ի Մայիսին մէջ օր մը, թուրք գաղտնի ոստիկան մը Հայկը կը հարցուփորձէ։ Երկրաչափ Ֆրից Սիկրէսթը Արամեանը եւ անոր հետ երեք օգնականներ ժամանակաարապէս Այնթապ կուզէ ղրկել՝ յարդ գնելու եւ բերելու համար։ Անոնք չորս ձիերով կը պատրաստուին ճամբայ ելլելու, իրենց հետ բաւարար դրամ ունենալով։ Սակայն վերջին վայրկեանին Իսլահիէի գայմագամ Սալեհը իր հետեւորդներով կ՚ուղղուի իրենց մօտ՝ մթերանոցը։ Ան եկած էր Հայկը ձերբակալելու։ Արամեանի օգնական Միշելը թուրքերուն կ՚ըսէ, թէ ան գնումի համար դուրս ելած էր։ Սակայն գայմագամը գրասենեակին բոլոր սենեակները խուզարկել կու տայ եւ կը փորձէ երկրաչափին կնոջ` Քլարայի սենեակը մտնել, որը կը գտնուէր ծննդաբերութեան երկունքին մէջ։ Երկրաչափը եւ հաշուակալը բացատրելով տիկնոջ առողջական վիճակը, թուրքերուն մուտքը թոյլ չեն տար։ Վերջապէս, գայմագամը ու անոր հետեւորդները կը հեռանան։ Երկրաչափը Արամեանին կ՚ըսէ, թէ ա՛լ ոչ մէկ վայրկեան պէտք է կորսնցնէ եւ պէտք է հեռանայ։ Հայկն ու անոր օգնականները ճամբա կ՚ելլեն:
Հայկն ու անոր հայ օգնականները Ամանոսի լեռներուն վրայ կատարուած ջարդերուն լուրերը կը ստանան։ Խումբը կ՚առաջնորդէ Քեամիլ, որ անկէ առաջ քանի մը անգամ Հալէպ գացած-եկած էր։ Խումբը ապահով կերպով Հալէպ կը հասնի։ Հոն Հալէպի երրորդ երկաթուղային ընկերութեան երրորդ մասնաճիւղի պետ-երկրաչափին՝ Հանս Ֆէօլլնէրին Քելլէրի երկրաչափէն հեռագիր մը կու գայ, խնդրելով որ Հայկին պաշտօն մը եւ պէտք եղած վկայագիրը տայ։ Հանս Ֆէօլլնէր երկու արաբ պաշտօնեայ կը ղրկէ Հայկին մօտ։ Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր Սլէյման Րիզք, որ Հայկի մտերիմ ընկերը կը դառնայ։ Հայկ Արամեան կայարանի կեդրոնական մթերանոցին քարտուղար կը նշանակուի։
Հայկը Հալէպի մէջ կը հանդիպի Ինթիլլիէն քշուած Հրանդ Քրիքճի անունով ծանօթի մը, որ իրեն կը պատմէ Ինթիլլիի 50,000 հայոց ջարդը։ Հրանդ զոհերուն դիակներուն վրայէն անցնելով ազատած էր։ Նախապէս ան անցած էր նաեւ Ռաս-ուլ– Այնի (ոտ 70,000 հայեր կոտորուած էին), Գաթմայի (60,000), Պապի (80,000), Մեսքէնէի (100,000) եւ Տէր Զօրի (200,000) ջարդերուն մէջէն։
Երկու տարի Հալէպ մնացած միջոցին Հայկը կը ծանօթանայ գաղտնի ոստիկանութեան արաբ պետերէն մէկուն որդիին` Սուպհի պէյին։ Վերջինս մեծապէս օգտակար կը դառնայ անոր եւ գաղտնի լուրեր կը հաղորդէ տարագրութեան նոր հրամաններուն մասին։ Սուպհի պէյ օր մը լուր կու տայ, որ թուրքերը Արամեան անունով լրտես-փախստական մը կը փնտռեն։
Հայկը Հալէպի մէջ գերմանացի զինուորական պատասխանատուներու եւ ուրիշ անձնաւորութիւններու կը ծանօթանայ։ Անոնցմէ են գերմանացի վիպասան-գրագէտը՝ Արմին Վեկնէր (Հայ Արմին) ծածկանունով, հարիւրապետ ֆօն Րէօլ եւ ուրիշներ։
Հալէպի մէջ Հայկ Արամեան իր գործը կը փոխէ, եւ ֆօն Րէօլի միջամտութեամբ, «Պէրք Փութման» ընկերութեան մէջ պաշտօն կը ստանայ իբր մթերանոցի քարտուղար։ Այդ գերմանական ընկերութիւնը լաւ վարձատրութիւն կու տայ Հայկին եւ ինքնութեան թուղթ մըն ալ կ՚ապահովի։
Ֆօն Րէօլի 7րդ թրքական բանակի ինքնաշարժներու գունդին հետ, Հայկ Արամեան, իբրեւ գերմանացիներու մօտ պաշտօնեայ, կրցած է իր աչքերովը տեսնել Հալէպէն մինչեւ Եփրատ եւ անդին տարածուող դժնետեսիլ մահաստանը հայ տարագրութեան։
Փրոֆ. Հայկ Ա. Արամեան (Ռւլնիածովք), «Մեծ Եղեռնի Պատգամ – Հայոց Տանթէական Քաւարան Եւ Հրաշալի Յարութիւն», հրատարակուած Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, տպ. «Տօնիկեան», Պէյրութ, 1970, 229 էջ։ (Տե՛ս Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան, գիրք Գ.,պատրաստեց` Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2011, էջ 150 -160):
Աղբյուր` armeniangenocide100.org