05 Նոյեմբերի, Երեքշաբթի, 2024
KFC

Բաց նամակ ԱԱԾ պետին

 

ՀՀ ԿԱ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեանին

Յարգելի Պրն. Յակոբեան,

Այս տարուան Մայիս 21ին, առանց որեւէ հիմնաւորման, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ՝ հայրենիք մուտքսարգիլուեցաւ: Աւելի քան 12 ժամ օդակայանին մէջ զիս «բանտարկելէ» յետոյ, հակառակ կամքիս, Ձեր պաշտօնեաներըզիս նոյն օդանաւով վերադարձուցին Փարիզ:

Զուարթնոցի տանջալից ժամերու ընթացքին անպատասխան մնացին իմ բոլոր հարցադրումներն ու արդարացիբողոքները: Միակ պատասխանը, որ տրուեցաւ Զուարթնոցի մէջ, անյարիր էր 21րդ դարու ժողովրդավարութեան բոլոր չափանիշներուն:

«Վերեւից հրաման կայ, Ձեր մուտքը Հայաստան արգելուած է» յայտարարեց ապահովութեան աշխատակիցը եւ ինծի ընկերակցեցաւ վերադարձի օդանաւ:

Մերժելով կամայական կամ թելադրուած որեւէ բռնարարք, որոշեցի կրկին ժամանել իմ թանկագին հայրենիք եւ Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան տօները անցընել ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ, հայրենի հողի վրայ:

2015 թուականի Մայիս 21ի անախորժ եւ մերժելի վիճակի կրկնութիւնը բացառելու համար կը փափաքիմ տեղեկանալ.

Ինչո՞ւ արգիլուեցաւ ինծի Հայաստանի Հանրապետութիւն մուտք գործել:

Եթէ այդ արգելքը դեռ ի զօրու է, ի՞նչ է ատոր հիմքը:

Եթէ իմ դէմ սահմանուած այդ ապօրինի արգելքը արդէն վերցուած է, կը խնդրեմ գրաւոր տեղեկացնել, որպէսզիկարենամ գալ Մայր հայրենիք:

Հայրենիքը ինծի համար պաշտելի է, բայց կ՚ատեմ այն վարչակարգը, որ կ՚աւերէ Հայոց Հանրապետութիւնը եւարիւնաքամ կ՚ընէ մեր ժողովուրդը:

Յարգանքներով`

Jean Baptiste OZKIRISYAN

(Շանթ Ոսկերիչեան)

Ֆրանսա, Փարիզ, 23 Նոյեմբեր 2015 

 

KFC

Արխիվ

Նոյեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930 
Հոկտեմբերի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ