22 Դեկտեմբերի, Կիրակի, 2024
KFC

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Քրիստոսի պարտիզին ﬔջ աղօթելուն յիշատակաւ.

Տէ՛ր իմ, Յիսուս Քրիստոս, այնչափ բարերարութիւններ, այնչափ բարի խրատներ և օրինակներ

տալէն վերջ, այսօր ուզեցիր քու սուրբ չարչարանքներովդ զիս փրկել:

Առաջ պարտիզի մը մէջ մտար աղօթելու, որ պարտիզի մէջ Ադամայ ըրած ﬔղքը քաւես

ծնրադրութեամբ, խոնարհութեամբ աղօթք ըրիր, որ ոտքով ձեռքով Ադամայ ըրած պարտութեան

ﬔղքը ջնջես, այն՝ որ ոտքով արգելեալ ծառին գնաց, ձեռքով արգելեալ պտուղը կերաւ:

Մէկ կողմէն քաշելու չարչարանքներդ ﬕտքդ բերելով, ﬕւս կողմէն մարդկային ﬔղքերը յիշելով՝

այն սոսկալի տագնապը քաշեցիր, ﬕնչև արիւն քրտնեցար:

Այն օրն ի հարկէ իմ ﬔղքերս ալ յիշեցիր, զոր մտքովս, աչքովս, բերնովս և բոլոր մարﬓովս

գործեցի. անոնց գարշութիւնը, ﬔծութիւնը, մտքիդ առջև գալով՝ այն տագնապը բերելու

պատճառ եղան:

Ցաւագին սրտով աղաղակեցիր:

«Հա՛յր, անցո՛ յինէն զայս բաժակ»:

Բայց Հայրն յաւիտենական ուզեց՝ որ դուն մարﬓովդ չարչարանք քաշես, որպէս զի ես հոգւովս

չքաշեմ, չդատապարտուիմ, դու ալ իբրև գառն՝ հնազանդեցար իմ սիրոյս համար՝ Հօրն

երկնաւորի, ըսելով.

«Ոչ որպէս ես կաﬕմ, այլ որպէս դու»:

Յանձն առիր՝ որ դու չարչարուիս, ﬕայն թէ ես փրկուիմ:

Ախ, Տէ՛ր իմ, այս քու սէրդ՝ և երկնաւոր Հօրդ սիրտը տեսնելով այսօր իմ վրաս, կամչնամ իմ ըրած

ﬔղքերուս վըրայ, կը դողամ ըրած ապերախտութեանս վրայ. և կ’աղաղակեմ առ Հայրն

երկնաւոր.

«Հա՛յր, անցո՛ յինէն զբաժակ բարկութեան քո»:

Վասն զի քու Որդիդ ﬕածին իմ տեղս կառնու զայս բաժակ չարչարանաց. ինծի համար այս

տագնապը կը քաշէ, իմ ﬔղքերուս համար այս արեան քրտինքները կը թափէ. որչափ որ ﬔղք

ըրեր եմ պզտիկութենէս վեր, ամէնն ալ աչքին առջև դրած կ’աղաչէ քեզ, ո՛վ Հայր երկնաւոր:

Ո՛րչափ որ շատ էր տագնապը՝ այնչափ ալ մտադիւրութեամբ աղօթքի հետ եղար, մէկէ մը

ﬗիթարութիւն չգտար, առաքեալներուն քով եկար՝ բայց զանոնք ալ քունի մէջ գտար:

Կ’աղաչեմ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, այն աղօթքիդ արդեանց համար տո՛ւր ինծի շնորհք Զգաստութեան և

Արթնութեան:

Անհոգութիւն մը կայ վրաս՝ հոգիս հոգալու, Աստուծոյ պատուիրանքները պահելու, այս

անհոգութիւնը, ծուլութիւնը մէկդի ձգեմ, արթննամ, իմ ﬔղքերուս վրայ ապաշխարհեմ:

Աﬔնէն աելի աղօթքիս հոգացող ըլլամ. ամէն բանիս մէջ նախ աղոթքի վազեմ, ինչպէս որ դուն

չարչարուիլ սկսելու ատենդ՝ աղօթքի հետ եղարծ:

Եւ ﬕտքս վրաս պահելով՝ այնպիսի մտադիւրութեամբ աղօթք ընեմ, ինչպէս դուն օրինակ տուիր:

Երբ նեղութիւն, կամ հիւանդութիւն, և կամ մտմտուք մ’ունենամ՝ չշփոթիմ, աղօթքներս չձգեմ:

Որչափ որ քուն բերէ սատանան աղօթքիս ատեն` ես արթուն կենալ ջանամ:

Որչափ որ ծուլութեան, ձանձրութեան, մաղձոտութեան սատանան իմ հոգևոր գործերս

խափանել ուզէ, զիս ջերﬔռանդութենէ պաղեցնէ, անոնք ամէնը փախչին, հալածուին քու

աղօթելովդ:

Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի համար աղօթեցիր, այսչափ արեան քրտինք թափեցիր, որ զիս Ադամայ

հետ կրկին նորոգելով՝ երկնաոր դրախտը մտցնես փառաւորել զաﬔնասուրբ Երրորդութիւնդ

յաւիտեանս.

Ամէն:

KFC

Արխիվ

Դեկտեմբերի 2024
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
ՆոյեմբերիՀունվարի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ