08 Հունիսի, Կիրակի, 2025
KFC

Բաց նամակ-կոչ երկու կաթողիկոսներին

Սուրիական հակամարտութեան արհաւիրքը կը շարունակուի վերջին երեք տարիներուն, խլելով նորանոր անմեղ զոհեր Հալէպէն, Դամասկոսէն, Քեսապէն եւ այլուր: Ի տես այս ահաբեկչութեան, կարելի չէ անտարբեր մնալ եւ ո’չ ալ նիւթական օժանդակութիւններով բաւարարուիլ: Քաղաքական մեծ դաշտին մէջ գոյութենական պայքար է որ կը մղէ հայութիւնը, որ տակաւին իր մորթին վրայ կը զգայ ցեղասպան Թուրքին անմարդկային արարաքներն ու սպաննութիւնները: Կը լսենք տակաւին Տէր Զօրի կիզիչ անապատներուն մէջ անթաղ մնացած մեր հարազատներու ոսկորներուն ճիչերն ու աղաղակները:

Ի տես այս բոլոր արհաւիրքներուն, կը խնդրենք եւ կը պահանջենք երկու Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալներէն, որ անմիջապէս միջամտեն Հայրենի կառավարութեան մօտ եւ արդարօրէն պահանջեն ժամանակաւոր գաղթականի կարգավիճակ բոլոր Արեւելքէն հասնող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն անխտիր:

Նկատի ունենալով որ մեծ պետութիւննր իրենց հաշիւները ունին այս քաղաքական խառնաշփոթին մէջ, մեր հայրենի իշխանութիւնները պաշտօնապէս չդատապարտեցին վերջին դէպքերը, բայց եւ այնպէս իրենց յայտարարութիւններով փորձեցին մեղմել եւ ամոքել մեր Սուրիահայ եղայրներուն եւ Քոյրերուն բաժին ինկած դժուարութիւնները:

Եկած է ժամանակը որ Սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը, օրհնութեամբը երկու Հայրապետներուն, կազմակերպեն լուրջ եւ ապահով ներգաղթ դէպի Հայրենիք, ապահովելով անմիջական կեցութեան նպաստաւոր պայմաններ, բժշկական խնամք եւ հասարակական-ընկերային ծառայութիւններ:
Պէտք է սորվիլ մեր անցեալի սխալներէն, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:
Որդիական Աջահամբոյրներով՝

Արտա Գալայճեան

KFC

Արխիվ

Հունիսի 2025
ԵԵՉՀՈՒՇԿ
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30      
Մայիսի

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈւՐԵՐ